2011-10-19 12:25:39

Ասսիզի 27 Հոկտեմբեր 2011 <<Ճշմարտութեան Եւ Խաղաղութեան Ուխտաւորներ>> - Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու Աշխարհի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Արդարութեան Հաստատումի Խորհրդածութեան Երկխօսութեան Եւ Աղօթքի Ասիզիի Միջազգային Օրը։


Երեքշաբթի 18 հոկտեմբերի առաւօտեան Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ <<ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւորներ>> խորագրով, աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումի խորհրդածութեան երկխօսութեան եւ աղօթքի օրուայ որ տեղի կունենայ յառաջիկայ 27 հոկտեմբեր 2011-ին Ասիզիի մէջ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան ի մէջ այլոց հանդիպումը կազմակերպող խաղաղութեան եւ արդարութեան Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Թուրքսոն` նոյն խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Մարիօ Թոզօ` միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Բիէր Լուիճի Չէլադա եւ Հայր Անտրէա Բալմիէրի Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի ներկայացուցիչ։
Նշենք որ Ասիզիի Խաղաղութեան եւ արդարութեան օրը կազմակերպուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի միջ-կրօնական պատմական հաւաքին 25րդ տարեդարձին առթիւ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարուեցան Ասիզիի հաւաքին մասնակիցներու ցանկը քրիստոնեայ` իսլամ` հրեայ եւ այլ կրօններէրու ներկայացուցիչներ որոնցմէ 176ը ոչ քրիտոնեայ եւ ոչ ալ հրեայ կրօնի պատկանող։ Արեւելեան եկեղեցիներէն պիտի մասնակցին 17 պատուիրակութիւններ որոնցմէ նշենք Կ. Պոլսոյ տիեզերական օրթոտոքս Պատրիարք Բարդողոմէոս Ա մինչ Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը պիտի ներկայացնէ Գերապայծառ Ալեքսանտր։ Նշենք որ սոյն պատուիրակութիւններու մաս կը կազմեն նաեւ Հայ Առաքելական ու հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Արեւմտեան եկեղեցիները հաւաքաին կը մասնկացին 13 պատուիրակութիւններով որոնցմէ նշենք Անկլիքան եկեղեցւոյ Գանթէրպուրրի արքեպիսկոպոս Րոան Ուիլիամսը ինչպէս նաեւ Լուտերական դաշնակցութեան անդամները եւ բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Միջկրօնական այս հաւաքին հրաւիրուած է նաեւ Իսրայելի Ռաբունապետը ինչպէս նաեւ 48 մահմետականներ` ինտու` սիխ, զարաոսդրեան, պուտտաեական եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ։ Ասոնց շարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ եւրոպացի ոչ հաւատացեալ 4 դասատուներ։ Բոլորը միասնաբար խորհրդածելու եւ նորոգելու խոստումը յանձնառումով միասնաբար գործելու խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումի ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.